Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած աշխարհի թայ-չիի 3-րդ ախոյեանութեան (25 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբեր), բազմաթիւ երկիրներու կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան` հետեւեալ մարզիկներով.
Աւետիս Սերոբեան (խմբապետ եւ մարզիչ), Ազատուհի Զաքարեան, Միշել Ֆատտուլ, Վիգէն Տեմիրճեան, տոքթ. Ժոզէ Շիտիաք, Յակոբ Գայապալեան, Հիամ Ժարուժ եւ Շիրին Պուէյզ:
Զաքարեան միակ մասնակցողն էր Շենի սուրի մրցումներուն: Ան թէեւ տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ, սակայն նկատի ունենալով մասնակցողներուն շատ մեծ փորձառութիւնը եւ այս մարզաձեւը իբրեւ արհեստավարժներ կիրարկելը, ան գրաւեց 13-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աւանդական մարզի մրցումներուն, Ֆատտուլ տիրացաւ արծաթ մետալի մը (42-րդ ձեւ- թայչի), Տեմիրճեան` պրոնզ մետալի (թայչի-սուր), իսկ Գայապալեան` դարձեալ պրոնզ մետալի (42-րդ ձեւ, թայչի եւ սուր):
Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` Սերոբեան, որ միջազգային Ա. կարգի իրաւարարի կոչում ունի, յայտնեց, որ այս մրցաշարքը վերջին երեք տարիներուն եղաւ առաջին կարգի:
Ան աւելցուց, որ եթէ այս մարզաձեւով հետաքրքրուող անձերն ու պատասխանատուները տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ կը պահանջեն լիբանանցի մարզիկներէն, անոնք պէտք է յաւելեալ նեցուկ հանդիսանան անոնց, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական գետնի վրայ, որովհետեւ լիբանանցի մարզիկները կը մրցէին այս մարզաձեւերը արհեստավարժ դարձուցած միջազգային մարզիկներու դէմ:
Յաջորդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` Չինաստանի մէջ:
 
			


