Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող պելճիքացի յառաջապահ Էտեն Հազարը:
Նշուեցաւ, որ Չելսի պատրաստ է ծախելու Հազարը, եթէ Ռէալ Մատրիտ անոր փոխանցման համար վճարէ 200 միլիոն եւրօ:
27 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Չելսիի հետ կ՛աւարտի 2020-ին:
Այս տարեշրջանին ան 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:



