Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) երէկ տեղի ունեցան Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ակումբներու 20-րդ ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերը, որոնց թիւը այսօր պիտի նուազի երկուքի, եւ պիտի յստականան աւարտական հանգրուան հասնող խումբերը:
Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս երէկ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 85-51 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օլիմփիքի:
Այսօր ՀՄԸՄ իր դէմ կ՛ունենայ (երեկոյեան ժամը 18:00-ին) յորդանանեան Ֆահըսը, որ երէկ երեք կէտի տարբերութեամբ` 78-75 արդիւնքով յաղթեց ալճերիական Մուժամահ Փեթրոլիին:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, այսօր իրարու դէմ կը մրցին Ահլի (Եգիպտոս) եւ Ամալ (Թունուզ):
Առաջինը յաղթեց Մալեքիի (Մարոք, 100-85), իսկ երկրորդը` Նասըր (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, 83-48):
Նշենք, որ երէկուան մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի կազմը: