Նախորդ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ մէջ աւարտեցաւ Պալի միջազգային մրցաշարքը, երբ աւարտական մրցումին, աշխարհի դասաւորման նախկին առաջին դիրքը գրաւող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մարիուս Քոփիլի դէմ (Ռումանիա):
Նախորդ տարուան տիտղոսակիրը` Ֆետերեր, որ իր մօտ պահեց այս տիտղոսը, այս մրցաշարքին կը մասնակցէր յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով:
Միջազգային դասաւորման մէջ, այժմ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող 37 տարեկան Ֆետերեր, այսպիսով տիրացաւ իր 99-րդ տիտղոսին` «Էյ. Թի. Փի.»-ի մրցաշարքերուն գծով: