Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկիզբ առաւ Լիբանանի փինկ փոնկի վեթերաններու ախոյեանութիւնը:
Մասնակցող խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետութիւնը, որ թէեւ Ա. հանգրուանի մրցումներուն տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Թրիփոլիի քաղաքապետութեան ոստիկաններու խումբը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան:



