Ռուսիոյ մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը պէտք էր հանդիսանար աշխարհի խմբային ախոյեան, սակայն զոյգ-փայտի մրցումներուն Արթուր Դալալոյեանի սխալը Ռուսիան զրկեց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այդ տիտղոսը նուաճելու կարելիութենէն, յայտնեց Ռուսիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վալենթինա Ռոտիոնենքօ:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, խմբային բազմամարտի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Չինաստան, որ գերազանցեց Ռուսիան շատ չնչին` 0,049 կէտի տարբերութեամբ:



