«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գործող փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Թայրըն Լէուն եւ անոր փոխարէն մարզիչի պաշտօնակատար նշանակեց Լերի Տրիունը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ամերիկայի մասնագէտը Լեպրոն Ճէյմսի հեռանալէն ետք չկրցաւ խումբը կարգի դնել, եւ առաջին վեց հանգրուաններուն անիկա կրեց յաջորդական վեց պարտութիւն, ինչ որ այդքան ալ բաղձալի չեղաւ ակումբին ղեկավարութեան համար:
41 տարեկան Լէու մարզիչ նշանակուեցաւ 2015-ին` փոխարինելով Տէյվիտ Փլեթը:
Ան առաջին տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսացաւ ախոյեան, մինչ յաջորդ երկուքին հասնելով աւարտական, երկու անգամ ալ տիտղոսը զիջեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին:



