«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Աթլանթա Հոքսը, ի վերջոյ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 136-114 արդիւնքով, յաջորդական վեց պարտութիւններէ ետք:
Մնացեալ ճակատումներուն այդքան ալ ուշագրաւ արդիւնքներ չարձանագրուեցան:
Հիուսթըն Ռոքեթց կրեց իր հինգերորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն (104-85), մինչ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ հիւրը եղաւ Մեմֆիս Կրիզլիզին, կրեց իր վեցերորդ պարտութիւնը` 107-95 արդիւնքով:
Ցարդ անպարտելի միակ խումբը արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքսն է:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Շարլոթ Հոռնեթց – Մայեմի Հիթ | 125-113 |
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս | 136-114 |
| Օրլանտօ Մեճիք – Սաքրամենթօ Քինկզ | 99-107 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 108-105 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 129-112 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 85-104 |
| Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 107-95 |
| Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 128-110 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պրուքլին Նեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Եութա Ճեզ
Կոլտըն Սթէյթ – Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ



