Երէկ երեկոյեան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը կատարեց 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, 109-98 արդիւնքով (25-15, 27-24, 32-21 եւ 25-38):
ՀՄԸՄ-ին միացած նորեկ մարզիկ Մայք Էֆիպրա բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ եւ նշանակեց 37 կէտ, ներառեալ` 6 թրի փոյնթ (14 փորձերէ ետք): Ան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 21 կէտ (նաեւ` 8 էսիսթ), մինչ երրորդ լաւագոյն կէտ նշանակողը եղաւ Էլի Ռըսթոմ (13):
Մնացեալ կէտերը բաժնուեցան, հետեւեալ մարզիկներուն միջեւ.
Փաթրիք Պու Ապպուտ (2) Մարուան Զիատէ (8), Քարիմ Զէյնուն (5), Էլի Սթեֆան (5), Սեւակ Քեթենճեան (5), Քրիս Ճոնսըն (7), Ժերար Հատիտեան (6):
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 24-ի (84-60):
Պիպլոսէն իր կարգին 37 կէտ նշանակեց Աարոն Նելսըն (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Մալքոմ Ռիլէյ` 32 կէտ (ներառեալ` 7 թրի փոյնթ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նուժէյմ, Ռապիհ Մասրի եւ Ժորժ Սաատ:
Կը շնորհաւորենք Լիբանանի գործող ախոյեանին առաջին յաղթանակը` կազմին մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
PROFOTO