Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Այդ ճակատումներէն մէկուն, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 110-106 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին:
Իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սփըրզի մարզիչ Կրեկ Փոփովիչ յաջողեցաւ իր անունը արձանագրել «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ ան դարձաւ 5-րդ մարզիչը, որ 1200 յաղթանակ կ՛արձանագրէ (կատարած մրցումներուն 68,8 առ հարիւրը):
Նախապէս 1200 յաղթանակի սահմանը անցած են Փեթ Ռայլի (1210 յաղթանակ), Ճերի Սլոան (1221), Լենի Ուիլքենս (1332) եւ Տոն Նելսոն (1335):
Անոնցմէ միայն 69 տարեկան Փոփովիչն է, որ կը շարունակէ մարզիչի իր ասպարէզը: