Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատունը կազմակերպեց «2018-ի Ամ Զայետ»-ի ձիավարութեան բաժակի մրցաշարք մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 հոկտեմբերին, Պէյրութի «Միտան-Փարք»-ին մէջ` հովանաւորութեամբ Էմիրութիւններու դեսպան Համիտ Սայիտ Շամիսիի եւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի:
Մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան նախարար Միշել Ֆարաոն, նախկին երեսփոխան Նեպիլ Տը Ֆրէյժ, Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրի, մարզական այլ պատասխանատուներ եւ հրաւիրեալներ:
Առաջին հանդիսացաւ Մուֆիտ Տապաղի իր ձիուն` Մանարի հետ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տապաղիի երկրորդ ձին` Թելեկրաֆ, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Շէյմաա անունով ձին, որուն սեփականատէրն է Միշել Ֆարաոն:
Նահանգապետ Շպիպ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` նշելով, որ այս մրցաշարքին կազմակերպումը, կը նշանակէ, որ Լիբանան – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կապերը կը մնան շատ լաւ:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, դեսպան Շամիսի յայտնեց, որ յառաջիկային դեսպանատունը տարբեր բնոյթի մրցաշարքեր ալ մտադիր է կազմակերպելու մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: