Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին Առիթով Տիւաթլոնի Բաց Մրցաշարք

October 31, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ տիւաթլոնի բաց մրցաշարք մը, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով, կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), մասնակցութեամբ աւելի քան 70 մարզիկներու:

Անոր ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Հայկ Թապագեան, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ Մահմուտ Տիպ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Պետիկ Լոճիկեան, ներքին ապահովութեան ուժերու հազարապետ Հիւսէյն Խաշֆէ, լիբանանեան բանակէն հազարապետ Ժորժ Հըտ, եւ բազմաթիւ հանդիսատեսներ:

Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մրցաշարքը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մարինայի մէջ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

Մրցաշարքի աւարտին կազմակերպիչ մարմինին անունով հանդէս եկաւ Պետիկ Լոճիկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հազարապետներ Մահմուտ Տիպի, Հիւսէյն Խաշֆէի, Ժորժ Հըտի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ներքին ապահովութեան ուժերուն, բանակին, Լիբանանեան կարմիր խաչին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, մրցաշարքի նուիրատուներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր հանդիսատեսներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան կամ օժանդակեցին սոյն մրցաշարքի յաջողութեան:

Իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին նաեւ ներկայ գտնուող զինուորականները` իրենց կարգին շնորհաւորելով ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ այս մրցաշարքի լաւապէս կազմակերպումը, ՀՄԸՄ-ին մաղթելով յաջողութիւն եւ երկրորդ 100-ամեակի մը փայլուն սկիզբ:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` հետեւեալ ձեւով.

Անհատական տղաք.-

1)- Ապտալլա Ար
2)- Գէորգ Ալթունեան
3)- Պասսամ Տըննէուի

Անհատական աղջիկներ.-

1)- Ֆարահ Հալաուանի
2)- Քարոլ Պոյաճեան
3)- Ճոյա Ֆըղալի

Խմբային ախոյեանութիւն.-

1)- Տրիմ Թիմ
2)- Լիբանանեան բանակի խումբ
3)- Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբ

Վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներու յանձնումը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հազարապետներ Մահմուտ Տիպին, Հիւսէյն Խաշֆէին եւ Ժորժ Հըտի:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց 20-րդ Ախոյեանութիւն. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը Եւ Այսօր Կը Մրցի Ահլիի Դէմ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Հոկտեմբեր 2018)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.