Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայ պիտի գտնուի «Լիպերթատորես» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պոքա Ժունիորզ եւ Ռիվըր Փլէյթ:
«Սանթօ Տիա» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) կատարուելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 նոյեմբերին:
Փութին Արժանթինի մայրաքաղաք պիտի այցելէ մասնակցելու համար Քսաններու խմբակի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբերին:
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ երկու խումբերը երբեք իրարու դէմ չեն մրցած «Լիպերթատորես» բաժակի մրցաշարքի աւարտականին:



