Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ - Պայէրն Միւնիխ - Վաղը` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին Եւ Ա. Սէ. Միլան - Եուվենթուս Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը ճակատումներ պիտի ըլլան բաւական տաք եւ անոնք վստահաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Գերմանիոյ մէջ գագաթի ճակատումին Պորուսիա Տորթմունտ (առաջին) պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը (3-րդ): Վաղը բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – Շեպիպէ Բացման Մրցումով Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Շաբաթ, 17 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ տեղի կ՛ունենայ Հուփս - Շեպիպէ բացման մրցումը` Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ: Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները տարեշրջանի իրենց առաջին մրցումին, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, հիւրը կ՛ըլլան 1875-ին, անոր դաշտին` Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (Մաթհաֆի շրջան): Երթի մրցումները կ՛աւարտին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 17:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Այսօր ժամը 17:00-ին, Աթլաս Ֆըրզոլ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Այս հանգրուանը...

Կիրակի, 11 Նոյեմբերին. Լիբանանի Տղոց Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կը Մեկնի Աւստրալիա

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներ կատարելու համար, Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը կիրակի, 11 նոյեմբերին կը մեկնի Աւստրալիա: 15 նոյեմբերին Լիբանան պիտի մրցի Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ 20 նոյեմբերին` Աւստրալիոյ դէմ: Երկու մրցումներն ալ բարեկամական են: 20 նոյեմբերին Սիտնիի մէջ կատարուելիք մրցումը հրաժեշտի մրցում մըն է` Աւստրալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Թիմ Քահիլի համար: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Պարտուեցաւ, Քարի Վիրաւորուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Միլուոքի Պաքսէն, 134-111 արդիւնքով: Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեց 24 կէտ: Այս մրցումին երրորդ քորթըրին, Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել: Հիուսթըն Ռոքեթց 18 կէտի տարբերութեամբ 98-80 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Օքլահոմա Սիթիի դաշտէն: Վերջինս արձանագրեց յաջորդական...

europa-league-logo-22-11

«Եւրոպայի Լիկա». Ցարդ 8 Խումբեր Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Մարսէյ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք ցարդ 8 խումբեր ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, երբ մրցաշարքը այդ հանգրուանին կը շարունակուի «նաք-աութ»-ի դրութեամբ: Այդ 8 խումբերն են` Պայէր Լեւերքուզըն, Ֆ. Ք. Ցիւրիխ, Սալզպուրկ, Տինամօ Զաղրեպ, Արսենալ, Չելսի, Լացիօ Ռոմա եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ: Այս վերջին երկու խումբերուն խմբակին (Ը. խմբակ)...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի 4-րդ Հանգրուանը

Շանվիլ - Պիպլոս բացման մրցումով այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը: Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը կը սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Մնացեալ երեք մրցումները տեղի պիտի ունենան յաջորդող երեք օրերուն ընթացքին, իւրաքանչիւր օր` մէկ մրցում: Ստորեւ` 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շանվիլ - Պիպլոս 18:00 Տիք...

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Ալեքս Միթիլեան Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Ալեքս Միթիլեան Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու տեւողութեան վրայ (2 եւ 3 նոյեմբեր) Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի դեղին գօտիներու ախոյեանութիւն: 43 քմ դասակարգին մէջ իր արձանագրած յաջորդական չորս յաղթանակներուն շնորհիւ, 9 տարեկան Ալեքս Միթիլեան հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ալեքս Միթիլեան, որ կը ներկայացնէր «Քոմպաթ Արենա» ակումբը, անոր հետ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Կը շնորհաւորենք փոքրիկն Ալեքսին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Նապաթիէ Եւ Նըժմէ – Թատամոն Սուր

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենայ Իսլահ Պըրժ Շիմալի - Ահլի Նապաթիէ բացման մրցումը: Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Երկու կազմերն ալ կը գտնուին դասաւորման կէսէն վար դիրքերու վրայ. Իսլահ` 7-րդ, Նապաթիէ` 9-րդ: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով եւս, այսօր տեղի պիտի ունենայ բացման...

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալ – Սփորթինկ Լիզպոն` 0-0

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Սփորթինկ Լիզպոնի հետ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Արսենալի կողմէ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ մրցումին:  

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի Հինգերորդ Յաղթանակը, Քաւալիրզի Տասներորդ Պարտութիւնը Եւ Ռեփթըրզի Տասնմէկերորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տասը մրցումներ: Ցարդ միայն մէկ պարտութիւն կրած Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր տասնմէկերորդ յաղթանակը` 114-105 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտէն: Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը, ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած Քլիվլենտ Քաւալիրզ, տասներորդ անգամն ըլլալով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն (95-86): Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ...

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Չես Ինտիա». Արոնեանի Առաջին Մրցակիցը` Նաքամուրա

Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին կը սկսի արագ եւ կայծակնային ճատրակի` «Թաթա Սթիլ Չես Ինտիա» մրցաշարքը: Արագ ճատրակի մրցաշարքին 10 մասնակցողները երկու շրջանով` մինչեւ 11 նոյեմբեր կը մրցին իրարու դէմ: Կայծակնային մրցաշարքը եւս պիտի կատարուի երկու շրջանով, նոյն մասնակցողներով, 13-14 նոյեմբերին: Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան առաջին օրը կը մրցի ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի, ապա հնդիկներ Նիհալ Սարինի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներ Եւ Տուգանքներու Սահմանում

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, տուաւ համապատասխան որոշումներ, ինչպէս նաեւ սահմանեց տուգանքներ եւ կախակայումներ: Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նըժմէ - Թատամոն Սուր 15:00 Մարզական Աւան ՇԱԲԱԹ, 10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ     Պեքաա...

Արթուր Վանեցեան Տեսակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի Նախագահին Հետ

Արթուր Վանեցեան Տեսակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի Նախագահին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան եւ Ա. փոխնախագահ, ընդհանուր քարտուղար Արմէն Մելիքբեկեան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հրաւէրով մեկնած էին Ցիւրիխ (Զուիցերիա), յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 6 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Ինֆանթինոյի եւ Վանեցեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին Վանեցեան եւ Մելիքբեկեան ներկայացուցին յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մէջ ֆութպոլի մարզաձեւի զարգացման հեռանկարները` ի մասնաւորի շեշտը դնելով մանկապատանեկան ֆութպոլին մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն վրայ:...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Արսենալ – Սփորթինկ Լիզպոն

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի կ՛ունենայ Արսենալ - Սփորթինկ Լիզպոն մրցումը: Երկու խումբերն ալ մաս կը կազմեն Ե. խմբակին: Արսենալ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը: Իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային Արսենալ պիտի ապահովէ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ

14-20 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Գերմանիոյ, Փորթուգալի եւ Հոլանտայի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը: Հայաստանի հաւաքականը երէկ սկսաւ նախապատրաստուելու այս մրցաշարքին` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ: Այս մրցաշարքը կ՛իյնայ 2019-ին Հայաստանի մէջ կատարուելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ:

Դալալոյեան Կ՛ուզէր Ներկայացնել Հայաստանը, Բայց…

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան յայտարարեց, թէ Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեան ուզած է հանդէս գալ Հայաստանի հաւաքականին հետ: «Մենք հարց ունինք արտասահմանի մէջ բնակող հայ մարմնամարզիկներուն գծով: Երբ անոնք Հայաստանի քաղաքացի կը դառնան եւ անձնագիր կը ստանան, անոնց կ՛ըսուի, թէ պէտք է բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարեն: «Օրինակ, Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեան ուզեց միանալ մեր հաւաքականին, բայց ծառայութեան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Եուվենթուս Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Մանչեսթըր Սիթի Եւ Ռէալ Մատրիտ Արձանագրեցին Մեծ Յաղթանակներ Եուվենթուս - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Ալեքս Սանտրօ նշանակեց կոլ մը` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվէի կոլը (65-րդ), իսկ Խուան Մաթթա` անգլիացիներուն հաւասարութեան կոլը (86-րդ): Մանչեսթըր Սիթի...

«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Յաղթեց. Մաքքոլում Նշանակեց 40 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս մրցումներ: Սի. Ճէյ. Մաքքոլում Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, որ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, արձանագրեց 118-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սի. Ճէյ. Մաքքոլում նշանակեց 40 կէտ: Երէկուան չորս մրցումներուն ալ հիւրընկալ կազմերը յաղթանակ արձանագրեցին: Շարլոթ Հոռնեթց յաղթեց Աթլանթա Հոքսին (113-102), Տալաս Մավըրիքս` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (119-100), իսկ Պրուքլին Նեթց` Ֆէոնիքս Սանզին (104-82):...

Մոնաքոյի Սեփականատէրը Ձերբակալուեցաւ

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ, ֆրանսական մարզական «Լ՛էքիփ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ֆրանսական Մոնաքօ խումբի սեփականատէրը Տմիթրի Ռիպոլովլեւ ձերբակալուեցաւ: Յայտարարուեցաւ, որ այդ ձերբակալութիւնը կապուած է «ֆութպոլ-լիքս»-ի հետաքննութեան հետ, որուն ծիրին մէջ ան կը մեղադրուի նիւթական ֆեր-փլէյը խախտած ըլլալու յանցանքով: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ռիպոլովլեւ Ռուսիոյ ամէնէն հարուստ 20 անձերու ցանկին մէջ է:  

Page 771 of 1278 1 … 770 771 772 … 1,278

Արխիւներ