Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ ճակատագրական մրցումը, որուն ընթացքին Քաննուպին Պշարրէ 78-66 արդիւնքով յաղթելէ եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Շիահին, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան: Այս երրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), ներկայ գտնուեցան երկու խումբերուն մեծաթիւ համակիրները:

Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ յաղթական կազմին յանձնեց տիտղոսը:
Այսպիսով, Քաննուպին, Շիահ, Ժամհուր եւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ բարձրացան Բ. դասակարգ:
«Էօ. Էն. Պէ.», յաղթելէ ետք Շիրահ Պուարին, փլէյ-օֆի մրցումին մնաց Բ. դասակարգին մէջ, մինչ Շիրահ Պուար մնաց Գ. դասակարգ: