«Ծանրաբարձութեան աշխարհը կը սգայ բոլոր ժամանակներու ամէնէն մեծ ծանրաբարձներէն մէկուն, հայ առասպելի անժամանակ մահը:
Վարդանեան ոսկի մետալ նուաճած է 1980 թուականի Ողիմպիական խաղերուն` դառնալով աշխարհի մէջ առաջին ծանրաբարձը, որ 82,5 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ հատեց 400 քիլոկրամի սահմանը: Ան աշխարհի 7-ակի եւ Եւրոպայի 5-ակի ախոյեան է, հաստատած է 41 համաշխարհային մրցանիշ:
Աւելի ուշ Վարդանեան եղած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Ան մահացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը կը ցաւակցի Վարդանեանի ընտանիքին եւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին», նշուած է ցաւակցական հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակած է կառոյցի պաշտօնական կայքը: