«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած հաղորդակցութեանց միջոցներու եւ բջիջային ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, վաղը` հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` «Ալֆա»-ի եւ «Օժերօ»-ի միջեւ:
Աւարտական այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Տղոց այս մրցաշարքին մասնակցեցան «Ալֆա», «Թաչ», «Էյ. Փի. Թի.-Փաուըրթեք», «Էրիքսըն», «Օժերօ» եւ «Հուաուէյ»: