Կազմակերպութեամբ «Սփորթ Էվազիոն» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ դրամատուներու սենտիքայի պասքեթպոլի մրցաշարքը:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին, որուն ներկայ էին մեծաթիւ հանդիսատեսներ, «Ֆրանսապանք» երկարաձգումէն ետք տիրացաւ տիտղոսին` 69-56 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իհթիմատ Լուպնանիի: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 50-50 հաւասարութեամբ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ընկերութեան նախագահ Պասսամ Թըրքի եւ այլ պատասխանատուներու:
Մրցումին իրաւարարներն էին Ռապպահ Նուժէյմ, Մարուան Էկօ եւ Զիատ Թաննուս: