Ժամալ Միւրէյ Նշանակեց 48 Կէտ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած 9 մրցումներուն ընթացքին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց իր 10-րդ յաղթանակը, երբ 124-111 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եութա Ճեզի դաշտէն:
Ռեփթըրզի նման 10 յաղթանակ արձանագրած եւ միայն մէկ պարտութիւն կրած է նաեւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը Օրլանտօ Մեճիքէն` 102-100 արդիւնքով:
Երկրորդ երկարաձգումէն ետք, Նիւ Եորք Նիքս պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շիքակօ Պուլզէն (116-115):
Ժամալ Միւրէյ նշանակեց 48 կէտ, երբ անոր կազմը` Տենվըր Նակեթց, յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին (115-107):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ | 115-120 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 94-98 |
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 102-100 |
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ | 115-116 |
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Օրլինզ | 122-116 |
Տենվըր Նակեթց – Պոսթըն Սելթիքս | 115-107 |
Եութա Ճեզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 111-124 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 117-101 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 120-109 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Աթլանթա Հոքս
Տալաս Մավըրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Ֆէոնիքս Սանզ – Պրուքլին Նեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Միլուոքի Պաքս