Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ գործակցութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետութեան ու Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի գլխաւոր հովանաւոր «Սքոթ» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 6-րդ տարեկան մրցումը` մասնակցութեամբ 36 հեծելանւորդներու, որոնք մասնակցեցան ժամացոյցի դէմ մրցումին:
Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Նահր Մոթի շրջանէն (Ռումիէի շրջան), ուրկէ հեծելանւորդները իրարմէ մէկ վայրկեան տարբերութեամբ ուղղուեցան Պաապտեթ (գլխաւոր մայրուղիէն) եւ անցան 11,5 քմ երկարութիւն ունեցող այդ ճամբան:
Տարբեր դասակարգերու մէջ առաջին դիրքերը գրաւեցին հետեւեալ մարզիկները.
Մասթըրզ.- Պասսամ Տըննաուի (Պայք Լեպանոն)
Երիտասարդներ.- Ալեն Մարունի (Ալէյի հեծելարշաւի խումբ)
Արհեստավարժներ.- Էմիլ Տաու (Շեպիպեթ Սալաաթա):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ այլ անձերու:
Այս առիթով Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան խօսք առնելով ըսաւ.
«Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւններ կը յայտնենք այս մրցումին հովանաւորին` երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կը նկատուի թիւ 1 մարզասէրը: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր այն անձերուն, որոնք այս մրցումին մէջ ունեցան իրենց կարեւոր ներդրումը` տարբեր ձեւերով»: