Աշխարհի թիւ երկու դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի 11-18 նոյեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք տարուան վերջին ախոյեանութեան:
«Բարդ տարի էր: Որովայնային մկաններու ցաւը կ՛անհանգստացնէ զիս: Այդ խնդիրը կը խանգարէ զիս խաղալ Լոնտոնի մէջ, եւ ես որոշեցի խուսափիլ բարդացումներէ: Մրցաշրջանը ինծի համար աւարտած է: Յոյս ունիմ, որ յաջորդ տարի ամբողջովին պատրաստ կ՛ըլլամ: Շնորհակալ եմ բոլորին աջակցութեան համար», գրած է Նատալ «Թուիթըր»-ի մէջ: Նատալ նոյնպէս հրաժարած էր մասնակցելէ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Մասթըրզ»-ին, եւ այդ պատճառով ալ առաջին դիրքը զիջեցաւ սերպ Նովաք Ճոքովիչին:
Այս տարի Նատալ մասնակցած է 14 մրցաշարքի, նուաճած է Ֆրանսայի բաց ախոյեանութիւնը, Թորոնթոյի, Հռոմի, Պարսելոնայի եւ Մոնթէ Քարլոյի մրցաշարքերը: