Համահայկական ամառնային խաղերը 2019 թուականին տեղի պիտի ունենան օգոստոսին:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ` 6 օգոստոսին:
Հանդիսաւոր փակումը տեղի պիտի ունենայ 17 օգոստոսին` Երեւանի մէջ:
Համահայկական խաղերը, որոնք ցարդ կազմակերպուած են Երեւանի մէջ, տեղի պիտի ունենան 7-րդ անգամ ըլլալով: