Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Աթլաս իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը սկսաւ բաւական հաւասարակշռուած ձեւով:
Հակառակ անոր որ առաջին քորթըրին արդիւնքը մօտ էր (27-26), բայց ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 52-44 արդիւնքով: Իսկ երրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը` 71-62 արդիւնքով:
Վերջին` ճակատագրական քորթըրին, մրցումը աւելի հետաքրքրական եղաւ:
Հիւրընկալ կազմը բաւական պայքարեցաւ իր դաշտին վրայ այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելու համար, բայց ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը իր դաշտին վրայ` 90-84 արդիւնքով (27-26, 17-26, 18-19, 22-19):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աթլասէն Տերիըն Թաունզ (31 կէտ, 13 ռիպաունտ): Իսկ ՀՄԸՄ-էն լաւագոյն կոլ-սքորըրը եղաւ Ուոլթըր Հոճ (21 կէտ):
Ալի Ֆարհաթ (Աթլաս), որ նախորդ մրցումին նշանակեց 30 կէտ, կատարեց միայն 8 էսիսթ (առանց կէտի): Անոր խմբակից Ղասսան Նաամէ նշանակեց 19 կէտ (ներառեալ` 4 թրի-փոյթ):
Իսկ ՀՄԸՄ-էն 10-ական կէտ նշանակեցին Քարիմ Զէյնուն, Էլի Ռըսթոմ եւ Քրիս Ճոնսըն:
Պէտք է ըսել, որ հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Աթլաս բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին համար ասիկա եղաւ տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը (երկու մրցումէ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Ռապիհ Մասրի եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել: