Մարզական

Սէուտական Արաբիոյ Արքայազունը Պատրաստ Է 3 Միլիառ Եւրօ Վճարելու Մանչեսթըր Եունայթըտի Համար

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի համասեփականատէր Աւրամ Կրէյզըր հանդիպում մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արքայազուն Մոհամետ Սէուտի հետ, որ կ՛ուզէ ձեռք ձգել մանչեսթըրեան ակումբին բաժնետոմսերը: Ըստ անգլիական «Տը Սան»-ի, արքայազունը պատրաստ է ակումբին վճարելու 3 միլիառ եւրօ: Նշուեցաւ, որ ամերիկացի Կրէյզըրներու ընտանիքը մտադիր չէ ծախել այդ բաժնետոմսերը, սակայն պատրաստ է շահաւէտ գործարքի պարագային այդ բաժնետոմսերուն մէկ մասը զիջելու անոր: 2005-ին Կրէյզըրներու ընտանիքը...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Ազգերու Լիկա». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը, 6-2 Արդիւնքով Փայլուն Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ճիպրալթարի Դէմ

Երէկ գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ: Այդ խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ, Դ. դասակարգին, Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Ճիպրալթարի: Ինչպէս ծանօթ է, որ երթի մրցումին Ճիպրալթար անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Երեւանի մէջ` 1-0 արդիւնքով: Սակայն երէկուան այս մրցումին հայրենի կազմը բաւական անխնայ եղաւ իր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Շապապ Պըրժ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, ժամը` 13:30-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմը մրցում մը պիտի կատարէ Շապապ Պըրժի դէմ, Պհամտունի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի կազմէն կը սպասուի, անպայման յաղթանակ մը արձանագրել եւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Զտումի Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ, 17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Թաքատտոմ Անքուն...

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Այսօր` Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին 2018-2019 Տարեշրջանի Բացումը Այնճարի Մէջ` Քրոս Քաունթրիի Մրցաշարքով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2018-2019 տարեշրջանի առաջին մրցաշարքը պիտի ըլլայ քրոս քաունթրին, որ նախորդ տարեշրջանէն ի վեր տեղի կ՛ունենայ ի յիշատակ Վարդգէս Էսքիպաշեանի` ԼԵՎԱՄ-ի մէջ անոր ունեցած տարիներու վաստակաշատ գործունէութեան համար: Վարդգէս Էսքիպաշեանի փափաքը լիուլի կատարելու եւ անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 17 նոյեմբեր 2018-ին, Այնճարի մէջ, հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 17 նոյեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենայ Հուփս - Շեպիպէ բացման մրցումը: Ժամը 17:00-ին սկիզբ առնող այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Վաղը` կիրակի, մրցում տեղի պիտի չունենայ: Սակայն, անոր յաջորդող երեք օրերուն օրական դրութեամբ պիտի կատարուի մրցում մը: Լիբանանի գործող ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս,...

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Լիբանան Ճերմակ Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Ուզպեքիստանի Հետ

Իբրեւ նախապատրաստութիւն Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5 յունուար 2019-էն 1 փետրուար, Լիբանանի ազգային խումբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կը կատարէ բարեկամական երկու մրցում Աւստրալիոյ դէմ: Առաջին մրցումին Լիբանան ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուզպեքիստանի հետ: Այս մրցումէն քանի մը ժամ ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը աւստրալիական Կոլտ Քոսթ քաղաքէն մեկնեցաւ Սիտնի, ուր երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին (Պէյրութի...

Մինի Ֆութպոլ. Պէյրութի Եւ Արաբական Երկիրներու Դրամատունը Պահպանեց Տիտղոսը

Հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, իր աւարտին հասաւ դրամատուներու միջեւ տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը: Մրցումները տեղի ունեցան «Սփորթց Էվընիու» մարզադաշտին վրայ (Հազմիէ)` մասնակցութեամբ հետեւեալ դրամատուներուն. Կեդրոնական դրամատուն, Սոսիեթէ Ժեներալ, Պլոմ, Ժամմալ Թրասթ Պանք, Իհթիմատ Մասրըֆի, Աուտէ, Ֆրանսապանք, Պիպլոս, Ֆըրսթ Նեշընըլ, Եգիպտոս - Լիբանան եւ Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատուներ: Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատունը տիտղոսը պահեց իր...

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանը Տիրացաւ Փրակ-2018-ի Միջազգային Մրցաշարքին Տիտղոսին

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանը Տիրացաւ Փրակ-2018-ի Միջազգային Մրցաշարքին Տիտղոսին

Սեն Ժոզեֆ համալսարանը միջազգային կարեւոր իրագործում արձանագրեց` տիրանալով Փրակի (Չեխիա) 2018-ի միջազգային 5-րդ համալսարաններու տիտղոսին: Արդարեւ, 16 երկիրներուն մէջ ան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը: Տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին Լիբանանի ներկայացուցիչը տիրացաւ ոսկի մետալին, յաղթելէ ետք բաւական զօրաւոր մրցակիցներու` Սպանիոյ եւ Սերպիոյ, յաջորդաբար` կիսաւարտականին եւ աւարտականին: Ֆութսալի աղջկանց մրցաշաքին Սեն Ժոզեֆ գրաւեց երկրորդ դիրքը (Գերմանիոյ ետին): Աղջկանց թենիսի մրցումներուն Սեն Ժոզեֆ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Գործող Ախոյեան Ուորիըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը` Հիուսթընի մէջ, դաշտին տիրոջմէն` Ռոքեթցէն, 107-86 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն, Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 27 կէտ, մինչ 20 կէտ նշանակեց Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ): Տենվըր Նակեթց 138-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Աթլանթա Հոքսը, մինչ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Գերբաժակի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առաջին Տիտղոսակիրը` Յաղթելէ Ետք Ռիատիի, 67-52 Արդիւնքով

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Գերբաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առաջին Տիտղոսակիրը` Յաղթելէ Ետք Ռիատիի, 67-52 Արդիւնքով

Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսակիր, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս երէկ գիշեր հանդիսացաւ Լիբանանի առաջին գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը` յաղթելէ ետք Ռիատիին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ազնիւ գաղափարը ունեցաւ առաջին անգամ ըլլալով կայացնելու աղջկանց գերաբաժակի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Հակառակ անոր որ աղջկանց 2018-2019 տարեշրջանը ցարդ չէ սկսած, սակայն Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

PROFOTO Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կ՛ենթարկուի քննադատութիւններու` նկատի ունենալով, որ մարզասէր հասարակութիւնը չի կրնար պասքեթպոլի մրցումներուն հետեւիլ պատկերասփիւռի կայանէն: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գտաւ յատուկ հովանաւորող ընկերութիւն մը` «ԱԼՖԱ»-ն, որ որոշեց ստանձնել պատկերասփռումներուն հովանաւորութիւնը: Սակայն մրցումները կարենալ դիտելու համար պէտք է իւրաքանչիւր անձ իր բջիջային հեռաձայնին վրայ ներբեռնէ «ԱԼՖԱ-ի յատուկ էփլիքէյշընը եւ ամսական վճարէ 9 ամերիկեան տոլար,...

«Ազգերու Լիկա». Այսօր` Ճիպրալթար – Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ մաս կը կազմէ Դ. դասակարգի Դ. խմբակին, այսօր հիւրը կ՛ըլլայ Ճիպրալթարին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ճիպրալթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ մրցումին տոմսերը ամբողջութեամբ սպառած են: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վիքթորիա մարզադաշտին վրայ, կրնայ հիւրընկալել` հինգ հազար հանդիսատես: Երթի մրցումին, որ...

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Մրցաշարք.  Կիրակի, 18 Նոյեմբերին` Աւարտականի Մրցումները

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Մրցաշարք. Կիրակի, 18 Նոյեմբերին` Աւարտականի Մրցումները

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որ կը կատարուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ, մօտեցած է իր աւարտին: Կիրակի, 18 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենան աւարտական մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին` 12 տարեկանէն վար, յետմիջօրէին ժամը 13:00-ին` 14 տարեկանէն վար, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին` 16 տարեկանէն վար, իսկ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին` 18 տարեկանէն վար: Մրցումները տեղի կ՛ունենան...

Հեծելարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Օման

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 16-20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական հեծելարշաւի լեռնային 2-րդ ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Օման: Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է Նազարէթ Հապիպեան, մինչ անոր կ՛ընկերակցին նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ Քայսար Սալլում եւ Ռոպեր Փաթափութեան: Իսկ մարզիկներն են` Էմիլ Տաու, Զահեր Հաժ (մեծերու մրցաշարք), Շարպել Պաթիշ (երիտասարդներ) եւ Մարուա Հաժ (աղջկանց): Խումբին հետ մեկնեցան նաեւ մարզիկներ Ռաֆիք Իտ եւ Իսամ...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս Շրջանցեց Ուիլտ Չեմպըրլէյնը Եւ Բարձրացաւ 5-րդ Դիրք

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 126-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը: Լեպրոն Ճէյմս Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակած (44 կէտ)` Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս, յաջողեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ հինգերորդ ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը դառնալ (31,425 կէտ), եւ այսպիսով շրջանցել Ուիլտ Չեմպըրլէյնը:...

Ռէալ Մատրիտ 3 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Սոլարիի Հետ

Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարի նշանակուեցաւ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Սպանացի Խիւլեն Լոփեթեկիի պաշտօնազրկումէն ետք ան կը կատարէր ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները: Սոլարի վերջին 89 տարիներուն լաւագոյն մեկնարկը ունեցաւ իբրեւ մարզիչ` արքայական ակումբին հետ: Անոր հետ Ռէալ Մատրիտ չորս մրցումի ընթացքին արձանագրեց 4 յաղթանակ` նշանակելով 15 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն...

Ռանիերի Վերադարձաւ Անգլիա

Անգլիական «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Ֆուլհեմի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Սլաւիշա Եոքանովիչը: 2018-2019 տարեշրջանին 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Ֆուլհեմ, որ ապահոված է միայն 5 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: Ասկէ մեկնելով, Ռանիերի վստահաբար բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի իր նոր ակումբին հետ: Ռանիերի, որ նախորդ տարեշրջանին ֆրանսական...

Պասքեթպոլ. Սթեֆըն Քարի 5 Մրցում Եւս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերէն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի անուանի մարզիկ Սթեֆըն Քարի, որ 9 նոյեմբերին Միլուոքի Պաքսի դէմ կատարուած մրցումին վիրաւորուեցաւ, ցարդ կը մնայ վիրաւոր: Ըստ ամերիկեան մամուլին, անոր վերադարձը տեղի պիտի ունենայ շատ հաւանաբար տասը օր ետք: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան 5 մրցումով եւս պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր ակումբին: 30 տարեկան Քարի այս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին վարագոյրը կը բացուի այսօր, երբ գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, երկու խումբերուն համար տրամադրուած են իրարու հաւասար սահմանափակ թիւով տեղեր: Եթէ ՀՄԸՄ-ի համակիրները կ՛ուզեն այս մրցումին տոմսերը...

Հայկազեան Համալսարանի Տղոց Ֆութսալի Խումբը Մեկնեցաւ Պարսելոնա

Երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Պարսելոնա մեկնեցաւ Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջհամալսարանական 2018-ի աշխարհի 4-րդ ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 28 երկիրներէ աւելի քան 2500 ուսանողներ: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 9 մարզիկներէ: Խումբին մարզիչն է Սարգիս Ապաճեան, իսկ պատուիրակութեան նախագահն է Սեւակ Տեմիրճեան: Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբին:

Page 768 of 1278 1 … 767 768 769 … 1,278

Արխիւներ