
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կ՛ենթարկուի քննադատութիւններու` նկատի ունենալով, որ մարզասէր հասարակութիւնը չի կրնար պասքեթպոլի մրցումներուն հետեւիլ պատկերասփիւռի կայանէն:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գտաւ յատուկ հովանաւորող ընկերութիւն մը` «ԱԼՖԱ»-ն, որ որոշեց ստանձնել պատկերասփռումներուն հովանաւորութիւնը:
Սակայն մրցումները կարենալ դիտելու համար պէտք է իւրաքանչիւր անձ իր բջիջային հեռաձայնին վրայ ներբեռնէ «ԱԼՖԱ-ի յատուկ էփլիքէյշընը եւ ամսական վճարէ 9 ամերիկեան տոլար, որուն մէկ տոլարը կ՛երթայ նախասիրած ակումբին:
Այս գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու համար, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պարզաբանեց կատարուածը եւ ներկայացուց բոլոր մանրամասնութիւնները:
Հալապի ըսաւ, որ երբ իրենք ստանձնեցին ֆետերասիոնը, անոր վրայ պարտք կար 2 միլիոն չորս հարիւր հազար ամերիկեան տոլար` նախկին ֆետերասիոններէն կուտակուած:
Ասոր դիմաց, կար ՖԻՊԱ-ին պարտքը, որ եթէ չվճարուէր, Լիբանան կրնար միջազգային ամէն տեսակի մրցաշարքէ կախակայուիլ:
«Յաջողեցանք կամաց-կամաց պարտքերուն մէկ մասը փակել, բայց ցարդ բաւական պարտքեր ունինք:
«Ասոր զուգահեռ կրցանք կարեւոր հովանաւորողներ գտնել` «ԱԼՖԱ»-ն եւ Սոսիեթէ Ժեներալ դրամատունը:
«Նոյնիսկ յաջողեցանք աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան հովանաւորող ընկերութիւն մը գտնել, որ պիտի ըլլայ «Մաքտեսի» հաստատութիւնը», ընդգծեց Հալապի:
Հալապի ըսաւ, որ կա՛մ պէտք է «ԱԼՖԱ»-ն ստանձնէր հովանաւորողի պարտականութիւնը եւ իւրաքանչիւր անձ մրցումները դիտելու համար ամսական վճարէր 9 ամերիկեան տոլար, կա՛մ ալ մրցումները չդիտել երբեք, եւ բոլոր ախոյեանութիւնները պիտի դադարէին տեղի ունենալէ:
Ասոր դիմաց, ֆետերասիոնը որոշեց համաձայնագիր կնքել «ԱԼՖԱ»-ին հետ:
Եզրափակելով մամլոյ ասուլիսը` Հալապի ըսաւ, որ փոխանակ ֆետերասիոնի անդամներուն հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու եւ լուտանքներ տեղացնելու, բոլոր անոնք, որոնք գաղափարներ ունին, թող դիմեն ֆետերասիոնին եւ անոր օգտակար դառնան:


