Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսակիր, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս երէկ գիշեր հանդիսացաւ Լիբանանի առաջին գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը` յաղթելէ ետք Ռիատիին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ազնիւ գաղափարը ունեցաւ առաջին անգամ ըլլալով կայացնելու աղջկանց գերաբաժակի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ):
Հակառակ անոր որ աղջկանց 2018-2019 տարեշրջանը ցարդ չէ սկսած, սակայն Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս տիրացաւ իր երկրորդ տիտղոսին, երբ երէկուան այս մրցումին 67-52 արդիւնքով (15-18, 33-34, 44-42 եւ 67-52) յաղթեց Ռիատի Պէյրութին:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եգիպտոսի մէջ տիրացած էր Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Երէկուան այս մրցումը տեղի ունեցաւ «Սոսիեթէ Ժեներեալ-Սուփըր-Քափ» անունին տակ:
Պէտք է նշել, որ մրցումը ընթացաւ գրեթէ հաւասար պայքարի պայմաններուն մէջ, բացի վերջին քորթըրէն, որ եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն տիրապետութեամբ:
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ անդամներ, «ԱԼՖԱ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մարուան Հայեք, «Մաքտեսի» ընկերութեան նախագահ Թալալ Մաքտեսի, «Սոսիեթէ-Ժեներալ» դրամատան ներկայացուցիչ Հապիպ Խուրի եւ այլ հրաւիրեալներ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըզ (21), իսկ Ռիատիէն` Նաթալի Սվաճեան (17):
Մրցումի աւարտին ֆետերասիոնի նախագահ Հալապի, տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Մեղրի Թորոսեանին:
ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ, որոնք իրենց տրամադրուած բաժինը ամբողջութեամբ լեցուցած էին, մրցումին ամբողջ տեւողութեան քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ նախքան մրցումի ազդանշանին տրուիլը, Հալապի եւ Մաքտեսի պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին` նկատի ունենալով, որ «Մաքտեսի» ընկերութիւնը պիտի հովանաւորէ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը` այս փայլուն յաղթանակին առիթով:
Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO





