«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը` Հիուսթընի մէջ, դաշտին տիրոջմէն` Ռոքեթցէն, 107-86 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն, Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 27 կէտ, մինչ 20 կէտ նշանակեց Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ):
Տենվըր Նակեթց 138-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Աթլանթա Հոքսը, մինչ երէկուան վերջին մրցումին Սան Անթոնիօ Սփըրզ պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դաշտին վրայ (116-111), հակառակ անոր որ Սփըրզէն, ՏէՄար ՏէՌոզան նշանակեց 34 կէտ:



