«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որ կը կատարուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ, մօտեցած է իր աւարտին:
Կիրակի, 18 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենան աւարտական մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին` 12 տարեկանէն վար, յետմիջօրէին ժամը 13:00-ին` 14 տարեկանէն վար, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին` 16 տարեկանէն վար, իսկ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին` 18 տարեկանէն վար:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Աւարտին պիտի կատարուի մրցանակաբաշխութիւնը եւ պաշտօնական փակումը:
Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան 1200 մարզիկներ` աւելի քան 20 ակումբներէ եւ ակադեմիաներէ:
Ստորեւ` քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքները.
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.-
Էներժի – Թաատոտ` 34-27 եւ
Ռիատի – Սպաքեթ` 54-24
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ռիատի – Մութթահետ` 47-24 եւ
Պրէյզըրզ – Շանվիլ` 64-47
16 տարեկանէն վար.-
Նետիմ Սուէյտ Ակադեմիա – Մութթահետ` 75-58 եւ
Պրէյզըրզ – Քահրապա` 53-29
18 տարեկանէն վար.-
Էներժի – Շիահ` 58-46 եւ
Հուփս – Ռիատի` 69-37



