Մարզական

«Ազգերու Լիկա». Այսօր` Խրուաթիա – Սպանիա Վաղը` Հոլանտա – Ֆրանսա

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր եւ յաջորդող օրերուն պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական մրցումներ: Այսօր Խրուաթիա կը հիւրընկալէ Սպանիան, վաղը Ֆրանսա հիւրը կ՛ըլլայ Հոլանտայի, իսկ շաբաթ օր Իտալիա կը հիւրընկալէ Փորթուգալը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ   Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Բ. ԽՄԲԱԿ      ԺԱՄ Պելճիքա - Իսլանտա 21:45 Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Դ. ԽՄԲԱԿ.-...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներու Եւ Տուգանքներու Բաւական Երկար Շարք Մը

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց պատիժներու բաւական երկար շարք մը, որ կը վերաբերի մրցումներու ընթացքին արձանագրուած խախտումներու եւ սխալներու: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, այս շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով մրցումներ պիտի չկատարուին: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Դասաւորման Պատկերը` 4-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Կերոն Ճոնսըն Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը այժմ դադարի մէջ է եւ անիկա պիտի վերսկսի յառաջիկայ դեկտեմբերի սկիզբը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ազգային խումբը յատուկ փորձեր կը կատարէ: 4-րդ հանգրուանէն ետք (թէեւ բոլոր խումբերն ալ չորսական մրցում չեն կատարած), դասաւորման պատկերը այժմ կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով. ՄՐՑ. Յ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ 1.- Շանվիլ 4 3...

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստները

Անուանի լրագրող Թանքրետի Փալմերի, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներուն տասնեակը կը գլխաւորէ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (40 միլիոն եւրօ): Անոր ետին կը գտնուի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Փորթուգալ, Եուվենթուս)` 31 միլիոն եւրոյով: Իսկ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար (30 միլիոն եւրօ): Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ) կը գտնուի 7-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Քաւալիրզի Երկրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Ճորտըն Քլարքսըն Քիչ մը երկար սպասելէ ետք, Քլիվլենտ Քաւալիրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը (11 պարտութիւններու կողքին), երբ 113-89 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շարլոթ Հոռնեթցը: Ճորտըն Քլարքսըն (Քաւալիրզ) նշանակեց 24 կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթց տասը կէտի տարբերութեամբ` 109-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն: Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ...

Լուքա Մոտրիչ 2018-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը` «Կոլ-Քոմ»-ի Կողմէ

«Կոլ-Քոմ»-ի կողմէ 2018-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ իր ակումբին հետ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր, իսկ իր երկրին` Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան` 2018-ի մոնտիալին: Անոր յաջորդեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ - Եուվենթուս), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց եգիպտացի Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ): Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա) գրաւեց հինգերորդ...

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին 2018-2019 Տարեշրջանի Բացումը Այնճարի Մէջ` Քրոս Քաունթրիի Մրցաշարքով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2018-2019 տարեշրջանի առաջին մրցաշարքը պիտի ըլլայ քրոս քաունթրին, որ նախորդ տարեշրջանէն ի վեր տեղի կ՛ունենայ ի յիշատակ` Վարդգէս Էսքիպաշեանի` ԼԵՎԱՄ-ի մէջ անոր ունեցած տարիներու վաստակաշատ գործունէութեան: Վարդգէս Էսքիպաշեանի փափաքը լիուլի կատարելու եւ անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ,17 նոյեմբեր 2018-ին, Այնճարի մէջ, հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի վարչութեան: Իւրաքանչիւր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Գերբաժակի Մրցաշարքի Մրցում

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցաշարքի ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ մրցումը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Այս մրցումը պիտի ըլլայ Ա. դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի բացման մրցումը, նախքան Ա. հանգրուանի մրցումներուն սկսիլը:

Պասքեթպոլ.  «ՕԺԵՐՕ» Հանդիսացաւ Հեռահաղորդակցութեան Մրցաշարքին Տիտղոսակիրը

Պասքեթպոլ. «ՕԺԵՐՕ» Հանդիսացաւ Հեռահաղորդակցութեան Մրցաշարքին Տիտղոսակիրը

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպութեամբ կատարուած հեռահաղորդակցութեան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը «ՕԺԵՐՕ» եւ «ԱԼՖԱ» խումբերուն միջեւ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ներկայ գտնուեցան աւելի քան հինգ հարիւր համակիրներ, որոնք քաջալերեցին իրենց կազմերը: Յաղթական հռչակուեցաւ «Օժերօ»-ի խումբը, որ արձանագրեց 49-44 արդիւնքով յաղթանակ մը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սեմի Շում Նշանակուեցաւ Շապապ Արապիի Մարզիչ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Շապապ Արապիի վարչութիւնը, իր գումարած մէկ ժողովին, անբաւարար գտնելով խումբին արձանագրած վերջին արդիւնքները, մանաւանդ Ահլի Նապաթիէէն եւ Սաժեսէն անոր կրած վերջին երկու պարտութիւններէն, կատարեց մարզչական փոփոխութիւն: Ակումբը որոշեց խումբի նոր մարզիչ նշանակել Սեմի Շումը (այժմ` Գ. դասակարգէն Սփորթինկի մարզիչ), որ իրեն օգնական պիտի ունենայ Մոհամետ Թաքուշը եւ Ատնան Իթանին (վերջինս` բերդապահներու...

Հրացանաձգութիւն. Լիբանանի Տղոց Խումբը Պրոնզէ Մետալակիր` Ասիոյ Ախոյեանութեան

Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Քուէյթէն վերադարձաւ տիրանալէ ետք պրոնզէ մետալի մը` տղոց խմբային մրցումներուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ռէյ Պասիլ, մինչ Լիբանանի կազմը ներկայացուցին Ալեն Մուսա, Էլի Պաժժանի եւ Ուալիտ Նաժժար:

Ճօ Քոլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ հանրածանօթ անգլիացի միջնապահ Ճօ Քոլ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 37 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ հարաւամերիկեան Բ. դասակարգի կազմերէն Թամփա Պէյ Ռուտիս: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ճօ Քոլ մաս կազմած է Ուեսթ Համի, Չելսիի, Լիվըրփուլի եւ Ասթոն Վիլայի: Ան երեք անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան, իսկ երեք անգամ ալ` Անգլիոյ բաժակակիր: Անգլիոյ ֆութպոլի...

Ալլեկրի Չորրորդ Անգամն Ըլլալով «Քալչիօ»-ի Տարուան Լաւագոյն Մարզիչ

Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի ճանչցուեցաւ «Քալչիօ»-ի տարուան լաւագոյն մարզիչը: Այս մրցանակին համար մղուած պայքարին, Ալլեկրի յաջողեցաւ գերազանցել Մաուրիցիօ Սարին (Նափոլի) եւ Սիմոնէ Ինցակին (Լացիօ Ռոմա): Ալլեկրի, որ այսպիսով չորրորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, յաջողեցաւ դառնալ մրցանշակիր: Այս տիտղոսին երեքական անգամ տիրացած են Անթոնիօ Քոնթէ, Ֆապիօ Քափելլօ եւ Մարչելօ Լիփփի:

Գէորգ Յովհաննիսեան` Սլովենիա – Նորվեկիա Ազգերու Լիկայի Մրցումի Հսկիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք Սլովենիա - Նորվեկիա մրցումին Հայաստանէն հսկիչ նշանակուեցաւ Գէորգ Յովհաննիսեան: Իսկ իրաւարարներ Զաւէն Յովհաննիսեան եւ Մեսրոպ Ղազարեան պիտի ըլլան Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իրաւարարներ: Զտումի այս մրցաշարքին, տեղի պիտի ունենայ 14-20 նոյեմբերին, Մալթայի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Ֆրանսայի, Մալթայի,...

«Էն. Պի. Էյ.». Քեւին Տիւրանթ Թրիփըլ- Տապըլի Հեղինակ, Բայց… Ուորիըրզ Պարտուեցաւ

Քեւին Տիւրանթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն ամէնէն կարեւոր յաղթանակը արձանագրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ իր դաշտին վրայ երկարաձգումէն ետք 121-116 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը: Ուորիըրզէն թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Քեւին Տիւրանթ (33 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Իր կարգին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ 126-110...

Իրլանտայի Մէջ Ֆութպոլիստները Խոշտանգած Են Իրաւարարը

Մալինկար Թաունի երեք ֆութպոլիստներ, Հորսլիփի դէմ իրլանտացի ֆութպոլի գծով տեղի ունեցած մրցումէն ետք, խոշտանգած են օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը` Տանիել Սվինին: «Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ այդ երեք ֆութպոլիստները իրաւարարին սուլիչէն ետք դաշտէն դուրս սպասած ու հետապնդած, ապա անոր վրայ յարձակելով ծեծած են զայն: Իրաւարարը ստացաւ քիթի ու ծնօտի կտրուածք եւ դէմքի այլ վնասուածքներ: Մալինկար Թաունի ներկայացուցիչները որեւէ մեկնաբանութիւն...

«Սուփըր-Լիկա» Ստեղծուելու Պարագային. ՖԻՖԱ-ին Կողմէ Նոր Օրէնքներ Պիտի Որդեգրուին

«ՖԻՖԱ»-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ ստեղծուելիք Եւրոպայի ակումբներու ֆութպոլի Սուփըր-լիկային մասնակցող խումբերուն ֆութպոլիստներուն պիտի արգիլուի մասնակցիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի (Մոնտիալ) ախոյեանութիւններուն: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, եւրոպական 16 առաջատար ակումբներ մտադիր են 2021-ին դուրս գալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն եւ ստեղծել անկախ սուփըր-լիկա: Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, Արսենալ, Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ...

Ասիոյ 23 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

Լիբանանի 23 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբը Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին կայացած վիճակաձգութեան ընթացքին մաս կազմեց Դ. խմբակին: Լիբանանի մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիա (հիւրընկալ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Մալտիվ: 11 խմբակներու առաջին դիրքը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն չորս խումբերը, որոնք կը գրաւեն դասաւորման երկրորդ դիրքը, կ՛ապահովեն 2020-ին Թայլենտի մէջ կատարուելիք Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը` Ռիատիի Կրած Երէկուան Պարտութենէն Ետք

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ Պէյրութ հիւրընկալեց Ռիատին: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք այս ճակատումը, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով... սակայն երկրորդ երկարաձգումէն ետք` 100-95 արդիւնքով: Պէյրութէն բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ Քրիս Քրոֆորտ, որ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 11 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Ալի Հայտար տապըլ-տապըլ մը իրագործեց...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Քարլ – Միշել Աւագեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Հաղորդած էինք, որ կիրակի, 11 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` յաջորդաբար 16-րդ տարին ըլլալով: Անոր մասնակցեցան բաւական մեծ թիւով լիբանանահայեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին 23-45 տարիքային տարբեր մրցումներու, իւրաքանչիւրը իր փափաքած վազքին (քիլոմեթրի իմաստով): Յիշատակութեան արժանի է, որ տղոց 21 քմ-ի մրցումներուն Քարլ-Միշել Աւագեան բաւական լաւ արդիւնք ձեռք ձգելով եւ արձանագրելով 1 ժամ 43' 45" արդիւնք մը, հանդիսացաւ երրորդ...

Page 769 of 1278 1 … 768 769 770 … 1,278

Արխիւներ