Իբրեւ նախապատրաստութիւն Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5 յունուար 2019-էն 1 փետրուար, Լիբանանի ազգային խումբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կը կատարէ բարեկամական երկու մրցում Աւստրալիոյ դէմ:
Առաջին մրցումին Լիբանան ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուզպեքիստանի հետ:
Այս մրցումէն քանի մը ժամ ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը աւստրալիական Կոլտ Քոսթ քաղաքէն մեկնեցաւ Սիտնի, ուր երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Աւստրալիոյ դէմ:
Նշենք, որ այս մրցումը, հրաժեշտի մրցում մը պիտի ըլլայ Աւստրալիոյ նախկին խմբապետ Թիմ Քահիլի համար:
Կ՛ակնկալուի, որ Աւստրալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած բազմաթիւ լիբանանցիներ, ներկայ գտնուելով այս մրցումին, քաջալերեն իրենց կազմը:



