Երէկ գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ:
Այդ խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ, Դ. դասակարգին, Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Ճիպրալթարի:
Ինչպէս ծանօթ է, որ երթի մրցումին Ճիպրալթար անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Երեւանի մէջ` 1-0 արդիւնքով:
Սակայն երէկուան այս մրցումին հայրենի կազմը բաւական անխնայ եղաւ իր մրցակիցին նկատմամբ, երբ արձանագրեց 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Պէտք է ըսել, որ հայրենի կազմը յստակ եւ բացարձակ առաւելութիւն մը ունեցաւ` 71 տոկոսով տիրապետելով գնդակին:
Ինչ կը վերաբերի նշանակուած կոլերուն, Եուրա Մովսիսեան, նշանակեց չորս կոլ (27-րդ, 48-րդ, 52-րդ եւ 54-րդ): Իսկ հինգերորդ կոլը նշանակեց Արթուր Քարտաշեան (66-րդ):
Կոլերու փակումը կատարեց Ալեքսանտր Կարապետեան (90-րդ):
Նշենք, որ այս յաղթանակը եղաւ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով որ հայրենի կազմը ամէն ճիգ ի գործ պէտք է դնէ գրաւելու համար խմբակին առաջին դիրքը, կարենալ անցնելու համար յաջորդ հանգրուանին:
Հոս տեղին է յիշել կարեւոր կէտ մը, որ Եուրա Մովսիսեան Հայաստանի հետ հանդիսացաւ Փոքերի (4 կոլ) առաջին հեղինակը: Ան, ցարդ նշանակած է 14 կոլ, Հայաստանի հետ:
Հայաստան այսպիսով իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, բարձրացաւ 2-րդ դիրք:



