Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարի նշանակուեցաւ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Սպանացի Խիւլեն Լոփեթեկիի պաշտօնազրկումէն ետք ան կը կատարէր ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները:
Սոլարի վերջին 89 տարիներուն լաւագոյն մեկնարկը ունեցաւ իբրեւ մարզիչ` արքայական ակումբին հետ:
Անոր հետ Ռէալ Մատրիտ չորս մրցումի ընթացքին արձանագրեց 4 յաղթանակ` նշանակելով 15 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն 2 կոլ: Ասիկա կը նկատուի լաւագոյն սկիզբը` 1929-էն ի վեր:
42 տարեկան արժանթինցին, որ 2000-էն 2005 իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի, 2016-էն ի վեր ակումբի երիտասարդական խումբին մարզիչն է:



