«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 126-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակած (44 կէտ)` Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս, յաջողեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ հինգերորդ ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը դառնալ (31,425 կէտ), եւ այսպիսով շրջանցել Ուիլտ Չեմպըրլէյնը:
Առաջին դիրքին վրայ է Քարիմ Ապիտիւլժապպար (38,387 կէտ): Ապա, յաջորդաբար` Քարլ Մելուուն (36,928), Քոպի Պրայընթ (33,643) եւ Մայքըլ Ճորտըն (32,292):
Վերոնշեալ մրցումին Ճէյմս բաւական մօտ էր թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու (44 կէտ, 10 ռիպաունտ, 9 էսիսթ):
Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ կրեց իր 12-րդ պարտութիւնը, այս անգամ պարտուելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն` 119-95 արդիւնքով:
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին մաս կազմող Ժոէլ Էմպիիտ, Օրլանտօ Մեճիքի դէմ կատարուած մրցումին թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (19 կէտ, 13 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 111-106 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 119-95 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ | 111-82 |
| Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ | 107-120 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 104-106 |
| Միլուոքի Պաքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 113-116 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Օրլինզ | 107-100 |
| Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Եորք Նիքս | 128-103 |
| Տալաս Մավըրիքս – Եութա Ճեզ | 118-68 |
| Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 116-96 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 126-117 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ


