«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերէն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի անուանի մարզիկ Սթեֆըն Քարի, որ 9 նոյեմբերին Միլուոքի Պաքսի դէմ կատարուած մրցումին վիրաւորուեցաւ, ցարդ կը մնայ վիրաւոր:
Ըստ ամերիկեան մամուլին, անոր վերադարձը տեղի պիտի ունենայ շատ հաւանաբար տասը օր ետք:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան 5 մրցումով եւս պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր ակումբին:
30 տարեկան Քարի այս տարեշրջանին միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի կը նշանակէ 29,5 կէտ:



