Քոնկ-Ֆու-Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Հանդիսացաւ Երկրորդ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին նուիրուած Թաու Լուի մրցաշարքը, Շապիպէ ակումբին մէջ` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճար Ամիթի, Թայկըրզ, Նոթրը Տամ Լուէյզի եւ ԱՊՊԱ ակադեմիա: Այնճար Ամիթին ներկայացուցին Անի Գազանճեան, Ճէյսըն Աբիքեան, Արինա Աբրահամեան, Աննա Հերկելեան, Ուաժիհ Հարաթի, Քրիսթել Գազանճեան, Մաթիլտա Քուհուլեան, Ալեքս Գապաքեան եւ Սերօ Գալեմքերեան: Անոնք ապահովելով 10...





