Անգլիական «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Ֆուլհեմի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Սլաւիշա Եոքանովիչը:
2018-2019 տարեշրջանին 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Ֆուլհեմ, որ ապահոված է միայն 5 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Ասկէ մեկնելով, Ռանիերի վստահաբար բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի իր նոր ակումբին հետ:
Ռանիերի, որ նախորդ տարեշրջանին ֆրանսական Նանթի մարզիչն էր, այսպիսով դարձեալ կը վերադառնայ Անգլիա: Ան 2016-ին Լայսթըր Սիթիի հետ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան:



