Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Յաջորդական Հինգերորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 85-31 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 24-11, 21-11, 18-4 եւ 22-5: Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ երէկուան իր այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ 10-ի բարձրացուց իր հաւաքած կէտերուն ընդհանուր հաշիւը: Իսկ Հուփս, որ արձանագրած էր 2...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Հուփսը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Վաղը` շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ռիատի հիւրը կ՛ըլլայ Աթլասի, մինչ կիրակի օր ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Շանվիլը (ժամը 17:00-ին): Այս հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին, երբ Սաժես Թրիփոլիի մէջ հիւրը...

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Տիտղոսակիր` Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան տիրացաւ ոսկիէ մետալի` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին: Բազմամարտի մրցումներուն ան ապահովեց 84.500 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ճափոնի ներկայացուցիչը, իսկ երրորդ հանդիսացաւ ռուս մարզիկ մը:

«Եւրոպայի Լիկա». Հենրիխ Մխիթարեանի Խումբը Յաղթեց Ազրպէյճանական Կազմին

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Ե. խմբակին մաս կազմող լոնտոնեան Արսենալը ապահովեց իր 16-րդ կէտը (առաւելագոյն 18 կէտէն), երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` ազրպէյճանական Քարափաղ Ֆ. Ք.-ն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի Ալեքսանտր Լաքազեթթա (16-րդ): Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ...

Կռփամարտ. Կարօ Մուրատ Իր Տիտղոսը Պիտի Պաշտպանէ 15 Դեկտեմբերին

Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 15 դեկտեմբերին` իրեն մրցակից ունենալով շուէտացի Սվեն Փոռնլինկը: Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ գերմանական Համպուրկ քաղաքին մէջ: Իր կատարելիք այս մենամարտին ընթացքին, 34 տարեկան Կարօ Մուրատ պիտի փորձէ իր մօտ պահել կիսածանր քաշային կարգի «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանութեան գօտին:

Ճատրակ. Հրապարակուեցան 2019-ի Հայաստանի Ախոյեանութեան Մասնակցողներուն Անունները

Հայաստանի ճատրակի բարձրագոյն դասակարգի 2019-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 յունուար 2019-ին: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցողներուն անունները: Անոնք են. ՏՂԱՔ.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սամուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան, Տիգրան Յարութիւնեան եւ Շանթ Սարգիսեան: ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Մարիա Քուրսովա, Սիրանուշ Ղուկասեան, Մարիա Գէորգեան, Աննա Խաչատրեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Մարիամ Աւետիսեան, Մարիամ...

Գոռ Մինասեան Ճանչցուեցաւ Գիւմրիի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գիւմրիի 2018-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուած է Գոռ Մինասեանը: Գիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստի մը ընթացքին, ծանրաբարձ Գոռ Մինասեան ճանչցուած է լաւագոյնը: Երկրորդ դիրքը գրաւած է Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուցած է Գրիգոր Մխիթարեան (սամպօ):

Ֆութսալ. 2020-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Մրցակիցները

Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան Եւրոպայի ցամաքամասի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պելճիքան, Շուէտը եւ Մալթան: Այս խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան Շուէտի մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:  

Դահուկարշաւ. Սերկէյ Միքայէլեան Տարեշրջան Մը Եւս Պիտի Բացակայի

Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու մասնակից Սերկէյ Միքայէլեան տարեշրջան մը եւս պիտի չկարենայ մրցումներու մասնակցիլ: «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ըսաւ. «Սերկէյ Միքայէլեանը վիրաբուժական գործողութենէն ետք հազիւ սկսաւ իր առաջին փորձերուն: «Անոր վիրաբուժական գործողութիւնը բաւական լուրջ էր: Ցարդ չենք գիտեր, թէ ան ճիշդ երբ պիտի վերադառնայ մրցասպարէզ»: Վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած Միքայէլեան...

«Էն. Պի. Էյ.». Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի 10-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 11 ճակատումներ: Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Թորոնթօ Ռեփթըրզէն, 113-93 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 30 կէտ: Թէեւ Սի. Ճէյ. Մաքքալում նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 92-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտին վրայ: Քիրի Ըրվինկ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ...

Ֆեներպահչէի Նախագահը Պատժեց Ֆութպոլիստները

Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին Աքհիսար Պելետիեսփոր իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆեներպահչէին: Այս պարտութեան պատճառով, Ֆեներպահչէի ֆութպոլիստները պատժուեցան իրենց նախագահին` Ալի Քոչի կողմէ, յայտնեց թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը: Ակումբին նախագահը օդանաւային տոմսերը վերադարձուց եւ անոր փոխարէն Ֆեներպահչէի մարզիկները Աքհիսարէն Ֆեներպահչէ ուղարկեց փոխադրակառքով: Թուրքիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ֆեներպահչէ 14 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Հուփս արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն: Սակայն հակառակ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժմէ Տուգանուեցաւ 5 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով, Պըրժ` 3 Միլիոնով, Իսկ Ահտ` 2 Միլիոնով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, տրուեցան համապատասխան որոշումներ, ինչպէս նաեւ վաւերացուեցան մրցումներուն արդիւնքները: Հրապարակուեցաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի յայտագիրը, որ կու տանք ստորեւ. ՈՒՐԲԱԹ, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Սալամ Զղարթա - Թրիփոլի 14:15 Զղարթա Անսար - Շապապ Սահել 15:00 Մարզական Աւան Շապապ Ղազիէ - Նըժմէ 17:00 Սայտա ՇԱԲԱԹ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մուսա Հըժէյժ Նշանակուեցաւ Նըժմէի Մարզիչ

Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ յայտարարեց, թէ ակումբը ընդունեց սերպ մարզիչ Պորիս Պոնիաքի ներկայացուցած հրաժարականը: Անոր փոխարէն ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Մուսա Հըժէյժ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ: Սաքքալ յայտնեց, որ կ՛ուզէ իր կազմը ախոյեան տեսնել այս տարեշրջանի աւարտին` աւելցնելով, որ Ահտէն կրած խումբին պարտութիւնը (3-0) ոչինչով պիտի ազդէ խումբին խաղարկութեան վրայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ Նըժմէի նկատմամբ Ահտի ունեցած երեք կէտի առաւելութիւնը երբեք...

Ֆութսալ. «Սփորթց Էվազիոն»-ի Մրցաշարք.  «Պէյրութ Պրոքըրզ» Տիրացաւ Տիտղոսին

Ֆութսալ. «Սփորթց Էվազիոն»-ի Մրցաշարք. «Պէյրութ Պրոքըրզ» Տիրացաւ Տիտղոսին

«Սփորթց Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպած ընկերութիւններու ֆութսալի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը «Պէյրութ Պրոքըրզ» ընկերութեան եւ «Աուտէ» դրամատան միջեւ: Առաջինը տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ «Սթատիում» (Տըքուանէ) մարզադաշտերուն վրայ` մասնակցութեամբ 16 խումբերու: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրքի: Տարբեր տեսակի մրցանակներ ալ տրուեցան շարք մը մարզիկներու...

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին. Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնը Կը Կատարէ 2018 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կը կատարէ 2018 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի ախոյեանութեան եւ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին մրցանակային դիրքերու արժանացան: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ յետմիջօրէին ժամը 16:30-էն սկսեալ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ:

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուին Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Յստակացան Յաջորդ Հանգրուան Հասնող Բոլոր Խումբերը

Երէկ աւարտեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած խմբակներու դրութեամբ կատարուած մրցումները եւ անոնց լոյսին տակ յստակացան յաջորդ հանգրուան հասնող խումբերը: Անոնց վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 դեկտեմբերին: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ե. ԽՄԲԱԿ   Այաքս Ամսթերտամ - Պայէրն Միւնիխ 3-3 Պենֆիքա - ԱԷՔ Աթէնք 1-0 Զ. ԽՄԲԱԿ   Մանչեսթըր Սիթի - Հոֆընհայմ 2-1 Շախտիոր Տոնեցք - Լիոն...

«Էն. Պի. Էյ.».  Հիւրընկալ Երեք Խումբերն Ալ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց, Սփըրզ Եւ Ռեփթըրզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, արձանագրեց 111-104 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 29 կէտ, մինչ Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ)` 34 կէտ: Սան Անթոնիօ Սփըրզ յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին (111-86), մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ 123-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դաշտէն:

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Արսենալ – Քարաբաղ Ֆ. Ք.

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բոլոր մրցումները եւ կը յստականան յաջորդ հանգրուան հասնող կազմերը: Ե. խմբակին մաս կազմող Արսենալ, որ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ ազրպէյճանական Քարաբաղ Ֆ. Ք. խումբը:

«Չեմփիընզ Լիկ»-Ի Մրցաշարքին. Իքեր Քասիաս` 100 Յաղթանակ Արձանագրած Երկրորդ Ֆութպոլիստը

Փորթուգալեան Փորթոյի սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս դարձաւ երկրորդ ֆութպոլիստը, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին կ՛արձանագրէ 100 յաղթանակ: Այս իրագործումը կատարուեցաւ Կալաթասարայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Նախապէս 100 յաղթանակ արձանագրած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (այժմ` Եուվենթուս): 1999-էն 2015 Քասիաս մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտին:

Page 758 of 1278 1 … 757 758 759 … 1,278

Արխիւներ