Հայաստանի ճատրակի բարձրագոյն դասակարգի 2019-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 յունուար 2019-ին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցողներուն անունները: Անոնք են. ՏՂԱՔ.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սամուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան, Տիգրան Յարութիւնեան եւ Շանթ Սարգիսեան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Մարիա Քուրսովա, Սիրանուշ Ղուկասեան, Մարիա Գէորգեան, Աննա Խաչատրեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Մարիամ Աւետիսեան, Մարիամ Մկրտչեան, Արփինէ Գրիգորեան, Աստղիկ Յակոբեան եւ Անահիտ Մկրտչեան:
Յայտնենք, որ գործող ախոյեաններն են Հայկ Մարտիրոսեան եւ Մարիա Քուրսովա:



