Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բոլոր մրցումները եւ կը յստականան յաջորդ հանգրուան հասնող կազմերը:
Ե. խմբակին մաս կազմող Արսենալ, որ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ ազրպէյճանական Քարաբաղ Ֆ. Ք. խումբը:



