Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսի:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Հուփս արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
Սակայն հակառակ ասոր, մրցակիցին կարողութիւնները պէտք չէ անտեսել եւ պէտք է մրցիլ այնպէս, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցում մը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել խումբին մարզիկները:
 
			


