Մարզական

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կատարուեցաւ Ակումբի Մարզիկներուն 2018-ի Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր ակումբին մէջ կատարեց իր մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը, որոնք 2018-ին տիրացան տարբեր տեսակի մրցանակներու: Պարգեւատրուեցան նաեւ ակումբին հովանաւորող ընկերութիւնները, որոնք տարուան ամբողջ տեւողութեան օժանդակեցին ակումբին եւ անոր մարզիկներուն կողքին եղան, որպէսզի անոնք կարենան այդ յաջողութիւններուն հասնիլ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – Սաժես` 71-63

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Թրիփոլիի մէջ Մութթահետ հիւրընկալեց Սաժեսը: Հիւսիսեան կազմը յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն` 71-63 արդիւնքով (18-13, 39-29, 48-47): Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Պիպլոս - Աթլաս մրցումով կը սկսի 7-րդ հանգրուանը:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի Մրցաշարքերուն Վիճակաձգութիւնը

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի Մրցաշարքերուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ յետմիջօրէին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: Առաջին պարագային, անիկա պիտի ըլլայ 1-16-րդ հանգրուանը, մինչ երկրորդի պարագային` 1-32-րդ հանգրուան: Առաջինին անգլիական Լիվըրփուլը եւ գերմանական Պայէրն Միւնիխը առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին գծով իրարու դէմ յանդիման պիտի գան: Նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջեւ ճակատումը: Երթի...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեան Արտեոմ Դալաքեան Յաղթեց Թեքնիք Նաք-Աութով

Ուքրանիան ներկայացնող Արտեոմ Դալաքեան պաշտպանեց արհեստավարժ կռփամարտի «ՏԱՊԼԻՈՒ. Պի. Էյ.»-ի վարկածով թեթեւագոյն քաշային կարգի (մինչեւ 50,8 քկ) ախոյեանական գօտին: Քիեւի մէջ իր կատարած մրցումին, 31 տարեկան Դալաքեան թեքնիք նաք-աութով յաղթեց Կրեկորի Լեպրոնին (տոմինիքեան հանրապետութիւն): Այս մենամարտը աւարտեցաւ 6-րդ ռաունտին: Ան երկրորդ անգամն ըլլալով կը պաշտպանէ «ՏԱՊԼԻՈՒ. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանական գօտին:

Կռփամարտ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Մետալներու Տիրացան Լաթվիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները Լաթվիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին տիրացան մետալներու: Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահովեցին Կարէն Սիմոնեան (60 քկ) եւ Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ): Անոնք իրենց մարզիչ ունեցան Արթուր Կրիկեանը եւ Գառնիկ Յարութիւնեանը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 76-68 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Շանվիլին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 16 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Շանվիլը: Երկու խումբերը այս ախոյեանութեան սկսան մէկական պարտութեամբ, բայց ՀՄԸՄ մրցում մը նուազ կատարած էր: Առաջին քորթըրին հիւր կազմը ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը` 24-20 արդիւնքով: Սակայն բ. քորթըրին, ՀՄԸՄ բաւական...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի- պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Կը ներկայացնենք արդիւնքները. ԱՂՋԻԿՆԵՐ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Ազգային միացեալ վարժարան  8-6 Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան - Ճեմարան  0-24 Ազգային միացեալ վարժարան - Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան  12-0 Ճեմարան - Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ   30-0 Ճեմարան - Ազգային միացեալ վարժարան 24-2...

Եւրոպական Ֆութպոլ.   Շաբաթավերջի Մրցումները Եղան Շատ Տաք Եւ Հետաքրքրական Հ. Մխիթարեան 2 Կոլ Նշանակեց  Ռոնալտօ` Եուվենթուսի 5000-րդ Կոլի Հեղինակ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումները Եղան Շատ Տաք Եւ Հետաքրքրական Հ. Մխիթարեան 2 Կոլ Նշանակեց Ռոնալտօ` Եուվենթուսի 5000-րդ Կոլի Հեղինակ

ԱՆԳԼԻԱ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ Լիվըրփուլ շարունակեց իր արշաւը` այս անգամ յաղթելով Մանչեսթըր Եունայթըտի: Թէեւ Հենրիխ Մխիթարեան երկու կոլեր նշանակեց, սակայն Արսենալ պարտուեցաւ Սաութհեմփթընէն, որուն յաղթանակի կոլը նշանակուեցաւ 85-րդ վայրկեանին, եւ Արսենալ 22 մրցում անպարտելի մնալէ ետք պարտուեցաւ: Մանչեսթըր Սիթիի այս շաբաթավերջի զոհն էր Էվըրթըն: Սիթիի մարզիկ Կապրիէլ Ճիսըս 12 մրցումի մէջ իր առաջին կոլը նշանակեց: Մանչեսթըր Սիթի - Էվըրթըն 3-1 Քրիսթալ...

Ճատրակ. Հայ Վարպետներու Յաղթանակով Սկսաւ «Սիճես» Մրցաշարքը

Սպանիոյ մէջ սկսաւ «Սիճես» միջազգային հեղինակաւոր մրցաշարքը,  որուն կը մասնակցին 41 երկիրներու 183 վարպետներ, որոնց շարքին են հռչակաւոր  գրոսմայսթըրներ Վասիլի Իվանչուք, Տմիթրի Անտրէյքին,  Էռեստօ Ինարքիեւ, Քրիշնան Սաշիքիրան: Մրցաշարքին մէջ  Հայաստանը կը ներկայացնեն գրոսմայսթըրներ Մանուէլ Պետրոսեան, Վահէ Պաղտասարեան եւ միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեան: Մրցաշարքի առաջին հանգրուանին հայ երեք մասնակիցներն ալ յաղթանակներ տօնեցին:

Բռնցքամարտ. Է. Պազինեան` «Տապլիու Պի. Էյ.» Վարկածով Ախոյեան

Քանատան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ Էրիք Պազինեան իր հերթական մենամարտը անցուց փայլուն յաղթանակով: «Տապլիու»-ի եւ «Տապլիու Պի. Օ.»-ի գերմիջին ծանրութեան դասակարգի տիտղոսներուն  համար Էրիք Պազինեան մենամարտեցաւ 28-ամեայ մեքսիքացի Ատրիան Լունա Ֆլորեսի հետ եւ 10 ռաունտնոց մենամարտի արդէն 5-րդ ռաունտին թեքնիք  նաքաութով յաղթեց: Այսպիսով, Պազինեան իր ասպարէզին  ընթացքին  22 մենամարտ կատարած է եւ բոլորին ալ յաղթած: 17 մենամարտ  քանատահայ բռնցքամարտիկը աւարտած է ...

Թենիս. Խաչանով. «Սքանչելի Կ՛ըլլար, Եթէ Կրկին Մրցէի Նատալի Հետ Ապու Տապիի Մէջ»

Ռուսիոյ մէջ թիւ մէկ դասուած, հայազգի Կարէն Խաչանով յիշեց Միացեալ Նահանգներու թենիսի ախոյեանութեան («Եու. Էս. Օփըն») մէջ  սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ ճակատումը եւ կրկին անոր հետ խաղալու փափաք յայտնեց: «Երջանիկ եմ, որ կրցայ նման բարձր մակարդակ ցուցադրել Ռաֆայի հետ «Եու. Էս. Օփըն»-ի խաղին մէջ: Սքանչելի կ՛ըլլար, եթէ կրկին մրցէի անոր հետ Ապու Տապիի մրցաշարքին: Կը փորձեմ կրկին ցուցադրել իմ լաւագոյն...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին` Մինի-Պասքեթպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի պասքեթպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: ԱՂՋԻԿՆԵՐ 9:00 Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Ազգային միացեալ վարժարան 9:30 Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան -Ճեմարան 10:00 Ազգային միացեալ վարժարան - Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան 10:30 Ճեմարան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 11:00 Ճեմարան - Ազգային միացեալ վարժարան 11:30 Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Հուփսի Առաջին Յաղթանակը Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Պէյրութ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը: Հուփս, որ իր կատարած նախորդ բոլոր մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած էր, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 77-68 արդիւնքով (կիսախաղ` 34-29, ի նպաստ Հուփսի): Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր Աթլաս կը հիւրընկալէ Ռիատին (երեկոյեան ժամը 17:00-ին): Ինչ...

Ֆութսալ. Վաղը` Քալաաթ Թըպնին – ՀՄԸՄ Պէյրութ

կիրակի, 16 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մեկնի հարաւ, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Քալաաթ Թըպնինի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մէյս Էլ Ժապալի մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթական վերադառնալ Պէյրութ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար – Շապապ Սահել` 4-0

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Անսար բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շապապ Սահելը: Հաժ Մալեք Թալա հեթրիք մը իրագործեց (23-րդ, 78-րդ եւ 80-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Հասան Պիթար (40-րդ): Այս պարտութիւնը Սահելի համար եղաւ տարեշրջանի 6-րդը: Օրուան կեդրոնի իրաւարարն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Վաղը` Լիվըրփուլ - Մանչեսթըր Եունայթըտ Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նախօրեակին, ցարդ 4 խումբեր կը մնան անպարտելի: Անոնք են` Լիվըրփուլ, Եուվենթուս, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Արդեօք անոնց թիւը պիտի նուազի՞, թէ՞ անփոփոխ պիտի մնայ: Անգլիոյ մէջ, բաւական տաք եւ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Լիվըրփուլ - Մանչեսթըր Եունայթըտ հանդիպումը: Լիվըրփուլ կը գտնուի իր լաւ...

Ռոպերթ Արզումանեան Հանդիպեցաւ Եուրի Ճորքայեֆին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ այժմ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ աշխատող Ռոպերթ Արզումանեան, Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) մասնակցեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Էմ. Այ. Փի.» սեմինարին: Պորուսիա Տորթմունտի մարզադաշտին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած հայազգի Եուրի Ճորքայեֆի հետ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք, Արզումանեան իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի...

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալ – Քարաբաղ Մրցումին Արցախի Դրօշով Դաշտ Ներխուժած Համակիրը Ազատ Արձակուեցաւ

Նախանցեալ օր Արսենալ - Քարաբաղ Ֆ. Ք. «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան դրօշով դաշտ ներխուժած համակիրը երէկ ազատ արձակուեցաւ: Լոնտոնի «Էմիրեյթց» մարզադաշտին ապահովութեան հսկող տարրերը հայ համակիրը անմիջապէս հեռացուցած էին դաշտէն` առանց որեւէ հարց ստեղծուելու իրարու միջեւ: Նշուեցաւ, որ Սպարտակ անունով համակիրին դէմ ոչ մէկ պատժական տնօրինում պիտի կատարուի:  

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Լէյքըրզին. Հարտեն` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, արձանագրեց 126-111 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյմս Հարտեն Ռոքեթցի այս յաղթանակը կերտողը գրեթէ եղաւ Ճէյմս Հարտեն, որ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (50 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ: Ռոքեթց իր այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին...

Page 757 of 1278 1 … 756 757 758 … 1,278

Արխիւներ