Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 85-31 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 24-11, 21-11, 18-4 եւ 22-5:
Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ երէկուան իր այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ 10-ի բարձրացուց իր հաւաքած կէտերուն ընդհանուր հաշիւը:
Իսկ Հուփս, որ արձանագրած էր 2 յաղթանակ, կրեց իր երրորդ պարտութիւնը եւ ունեցաւ 7 կէտ:



