«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գիւմրիի 2018-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուած է Գոռ Մինասեանը:
Գիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստի մը ընթացքին, ծանրաբարձ Գոռ Մինասեան ճանչցուած է լաւագոյնը:
Երկրորդ դիրքը գրաւած է Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուցած է Գրիգոր Մխիթարեան (սամպօ):



