«Սփորթց Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպած ընկերութիւններու ֆութսալի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը «Պէյրութ Պրոքըրզ» ընկերութեան եւ «Աուտէ» դրամատան միջեւ:
Առաջինը տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ «Սթատիում» (Տըքուանէ) մարզադաշտերուն վրայ` մասնակցութեամբ 16 խումբերու:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրքի:
Տարբեր տեսակի մրցանակներ ալ տրուեցան շարք մը մարզիկներու (լաւագոյն բերդապահ, մարզիկ, կոլսքորըր եւ այլն):




