«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, արձանագրեց 111-104 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 29 կէտ, մինչ Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ)` 34 կէտ:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին (111-86), մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ 123-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դաշտէն:


