Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ յայտարարեց, թէ ակումբը ընդունեց սերպ մարզիչ Պորիս Պոնիաքի ներկայացուցած հրաժարականը:
Անոր փոխարէն ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Մուսա Հըժէյժ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ:
Սաքքալ յայտնեց, որ կ՛ուզէ իր կազմը ախոյեան տեսնել այս տարեշրջանի աւարտին` աւելցնելով, որ Ահտէն կրած խումբին պարտութիւնը (3-0) ոչինչով պիտի ազդէ խումբին խաղարկութեան վրայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ Նըժմէի նկատմամբ Ահտի ունեցած երեք կէտի առաւելութիւնը երբեք իր վատ անդրադարձը պիտի չունենայ խումբին վրայ:



