Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին Աքհիսար Պելետիեսփոր իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆեներպահչէին:
Այս պարտութեան պատճառով, Ֆեներպահչէի ֆութպոլիստները պատժուեցան իրենց նախագահին` Ալի Քոչի կողմէ, յայտնեց թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:
Ակումբին նախագահը օդանաւային տոմսերը վերադարձուց եւ անոր փոխարէն Ֆեներպահչէի մարզիկները Աքհիսարէն Ֆեներպահչէ ուղարկեց փոխադրակառքով:
Թուրքիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ֆեներպահչէ 14 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:



