«Նոթլիսիուք» ներկայացուց 2018-ին կատարուած ամէնէն արագ հեթրիքները:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի հեթրիքը:
Ճիպրալթարի դէմ տեղի ունեցած «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին, 31 տարեկան Մովսիսեան իր հեթրիքը իրագործեց 5 վայրկեան եւ 51 երկվայրկեանի ընթացքին (48-րդ, 52-րդ եւ 54-րդ):
Հայրենի կազմը այդ մրցումին յաղթեց 6-2 արդիւնքով: Նշենք, որ նախքան այդ հեթրիքը, Մովսիսեան նշանակեց այլ կոլ մըն ալ (27-րդ):



