Զուիցերիահայ բարերարի մը նիւթական օժանդակութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ Գորիսի համայնքապետարանին միջեւ համագործակցութեամբ, շուտով կը սկսին Գորիս քաղաքի ֆութպոլի դաշտին հիմնանորոգման աշխատանքները:
Գորիսի մէջ պիտի հիմնուի նաեւ ակադեմիա մը` մինչեւ 300 երեխայի համար:
Այս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ, սերտ համագործակցութիւն սկսած է նաեւ Արցախ ֆութպոլի ակումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ 1 մարտ 2019-ին կը սկի ծրագիրին առաջին հանգրուանը` Գորիսի ֆութպոլի դաշտին հիմնանորոգումը, որմէ ետք Արցախը իր մրցումները` 2019-2020 տարեշրջանին գծով, այստեղ պիտի կատարէ եւ ոչ թէ Երեւանի մէջ: