Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելելով Թորինոյի մէջ գտնուող Ռեճինա Մարկարիթա մանկական հիւանդանոցը, նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն:
33 տարեկան ֆութպոլիստը հոն գտնուող հիւանդապահներուն հետ շրջագայեցաւ հիւանդանոցին զանազան բաժանմունքները, տեսակցեցաւ փոքրիկներուն հետ, անոնց հետ լուսանկարուեցաւ եւ տօնական այս օրերուն առիթով անոնց մաղթեց առողջութիւն:



